ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԳԵՂԱՏԻՊ ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Մխիթարեան Միաբանութիւնը, համագործակցութեամբ Տոքթ. Սարգիս Մելքոնեանի, լուսատիպ հրատարակութեամբ լոյս ընծայած է Հ. Արսէն Բագրատունիի կազմած «Աստուածաշունչ» մատեանի հայերէն թարգմանութեան լաւագոյն քննական բնագիրներէն մէկը, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1860 թուականին։
Ի տարբերութիւն այդ առաջին հրատարակութեան՝ այս նոր հրատարակութիւնը օժտուած է նաեւ Հ. Արսէն Բագրատունիի հեղինակած գիտական «Յառաջաբան»-ով, որ առաջին հրատարակութեան մէջ ներառուած չէր եւ հանրութեան ծանօթ դարձած է միայն 1966 թուականին՝ Մխիթարեան Միաբանութեան մէկ այլ պատկառելի անդամի՝ Հ. Ներսէս Տէր-Ներսիսեանի կողմէ «Բազմավէպ» հանդէսին մէջ հրատարակուելէն ետք։ Այս արժէքաւոր «Յառաջաբան»-ով որոշակիօրէն կը լուսաբանուի Բագրատունիի ուսումնասիրութեան գիտական հետագիծը։
«Աստուածաշունչ մատեան»-ի այս ոսկեղենիկ բնագրին վերահրատարակութիւնը շարունակութիւնն է 2024 թուականի Հոկտեմբեր 31-էն Նոյեմբեր 3 Մխիթարեան կաճառին կողմէ կազմակերպուած «Աստուածաշունչ Հայկազեան» միջազգային գիտաժողովի գործնական աշխատանքներուն։ Գիտաժողովին՝ Հայոց Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներէն Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին վրայ ի մի եկած ներկայացուցիչներու եւ աշխարհի տարբեր կողմերէն ժամանած աշխարհական գիտնականներու համատեղ քննարկումներով որոշուեցաւ կրկին օրակարգ բերել Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան քննական բնագիրի կազմութեան հարցը։ Ուստի Հ. Արսէն Բագրատունիի աշխատասիրած այս քննական բնագիրին վերահրատարակութիւնը եւս մէկ քայլ է այդ պանծալի նպատակի իրագործման մեկնարկին ուղղութեամբ։
Մեր առանձնայատուկ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր այն անհատներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են այս հրատարակութեան գործին մէջ։ Յատկապէս՝ տպագրութեան մեկենաս տիար Ռուսլան Բաղդասարեանին, «Վերականգնման, առաջընթացի եւ լուսաւորութեան» բարեգործական հիմնարկութեան աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ «Անտենոր» տպարանի ղեկավար Արմէն Հայրապետեանին՝ տպագրական աշխատանքները գերազանցութեամբ իրականացուցած ըլլալուն համար։
«Աստուածաշունչ մատեանի» շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբերի 19-ին, ժամը 15։15-ին, Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի Մխիթարեան Միաբանութեան թանգարանին մէջ՝ Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակին նուիրուած գիտաժողովի հանդիսաւոր բացման արարողութեան ընթացքին։