Մխիթարյան միաբանությունը թվայնացնում և ցանկագրում է հայկական գեղանկարչական ժառանգությունը

Ամենաընթերցվածները

Most Viewed Posts

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ

Ուսումնասիրութիւն, թուայնացում եւ ցանկագրում

Մխիթարեան միաբանութիւնը հայ հասարակութեան մտապատկերին մէջ կը ներկայանայ որպէս դարեր շարունակ ձեռագիրներ պահապանող, հայկական տպագրական ժառանգութիւն ստեղծող եւ ուսումնասիրութիւններ իրականացնող հաստատութիւն։

Այնուհանդերձ Մխիթարեան մայրավանքը ազնիւ հայորդիներու թանկարժէք նուէրներով ճոխացած է եկեղեցական, թանգարանային եւ գեղարուեստի նմոյշներով։

ԺԹ. դարավերջին սկսած է ձեւաւորուիլ պատկերասրահը ամենատարբեր նկարչական դպրոցներու պատկանող կտաւներով։

Այս հաւաքածոյին մէջ իրենց ուրոյն տեղը կը գրաւեն հայ նկարիչներու վրձինած կտաւները, որոնց թիւը մի քանի հարիւրի կը հասնի։ Ներառուած են ԺԹ. դարէն մինչեւ մերօրեայ հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ հեղինակներ, որոնք շատ անգամ անձամբ եւ կամ իրենց սերունդներու ձեռքով նուիրաբերած են կտաւներ՝ իրենց ներկայութիւնը յաւերժացնելու համար մայրավանքէն ներս։

Հայրենանուէր անձերու եւ Մխիթարեան հայրերու համագործակցութեամբ ստեղծուած է մասնագիտական խումբ մը՝ ուսումնասիրելու համար Ս. Ղազարի հայկական նկարչական հաւաքածոն։ Այս արդէն երկրորդ տարին է որ մասնագիտական զննման հետազօտական աշխատանքներ կը կատարուին։ Խումբը արդէն արժէքաւոր յայտնագործութիւններ կատարած է, որ նոր լոյս կը սփռեն հայ արուեստի պատմութեան վրայ։

Ցանկագրման եւ թուայնացման աշխատանքներուն պիտի յաջորդեն գիտական եւ պատկերագիրք հրատարակութիւններ, որոնք նոյնպէս ընթացքի մէջ են։

Զգայացունց նորութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու ընթացքի մասին հրապարակումներ պիտի կատարենք նաեւ այս հարթակով։

Մխիթարեան միաբանութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ նուիրեալ մասնագէտներու անձնուէր եւ ազգօգուտ աշխատանքին համար ինչպէս նաեւ բոլոր մեկենասներուն որոնք կ՚աջակցին այս աշխատանքը իրականացնելու համար։

Թողեք մեկնաբանություն

Վերջին գրառումները

Ամենաընթերցվածները

Most Viewed Posts

Հետեւե՛ք մեզ

Առաջարկվում է դիտել

Բաժանորդագրվել